2013-07-29 09:54:01

Սրբազան Քահանայապետի Պրազիլէն Հրաժեշտի Ճառը` ''Սկսայ Պրազիլի Կարօտը Զգալ''


Իսկ երիտասարդներուն` ''հոս եկաք որպէս աշակերտներ ու կը մեկնիք որպէս առաքեալներ''։

Ֆրանչիսկոս Պապի Րիօ կատարած առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրուայ յայտագիրը ընգծեց` բացի եզրափակիչ սուրբ պատարագի արարողութենէն, հանդիպում` Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսական դասի համադրիչ յանձնախումբին ''C.E.L.A.M.'' ապա ՃՄՃ-ի 15.000 կամաւոր երիտասարդներուն հետ եւ ի վերջոյ Րիոյի Կալէաօ օդակայանին մէջ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը որուն ընթացքին իր արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին յատուկօրէն նախագահ Րուսսէֆին, Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հանդէպ ցուցաբերած ջեռմ եւ խանդավառ ընդունելութեան։ Կը վերադառնամ Հռոմ - ըսաւ Քահանայապետը - սրտիս մէջ ունենալով քաղցր յիշատակներ որ պիտի դառնան աղօթք։ Արդէն սկսայ Պրազիլի կարօտը զգալ, այս մեծ սրտով մեծ ազգին կարօտը։ Կարօտ անկեղծ ժպիտին որ շատ մը անձերու դէմքին վրայ դրոշմուած է։ Կարօտը յոյսին որ նշմարեցի Սուրբ ֆրանչիսկոսի հիւանդանոցի մէջ գտնուող երիտասարդներու աչքերուն մէջ։ Կարօտը հաւատքին եւ ուրախութեան որ արտայայտեցին ''Վարժինիայի'' ֆավէլայի բնակիչները։ Խոր համոզումը ունիմ որ Քրիստոս կ՛ապրի եւ իսկապէս ներկայ է բազմաթիւ երիտասարդներու եւ անհատնրերու վարուելակերպին մէջ որոնց հանդիպեցայ այս անմոռանալի շաբթուայ ընթացքին։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա խօսքը ուղղեց երիտասարդներուն ըսելով ` ''ձեզմէ շատերը հոս եկան որպէս աշակերտներ եւ այժմ կը մեկնին որպէս առաքեալներ։ Ձեր ուրախութեան եւ ծառայութեան վկայութեամբ ծաղկեցուցէք սիրոյ քաղաքակրթութիւնը։ Ձեր կենցաղով ցոյց տուէք որ կ՛արժէ զոհողութիւններ ընել բարձր իտէալներու համար, վերարժէգաւորելով ամէն անհատի արժանաւորութիւնը երաշխաւորելով Քրիստոսը ու անոր Աւետարանը։ Այս օրերուն հոս եկանք զինք փնտռելու որովհետեւ նախապէս ինքն է որ մեզ փնտրեց, Ան է որ մեր սրտերը կը բորբոքէ Բարի Լուրը աւետելու համար, մեծ ու փոքր քաղաքներուն մէջ, գիւղերու եւ աշխարհի ամէն մէկ անկիւնին մէջ։

Սրբազան Քահանայապտի վերջին մտածումը ուղղուեցաւ Աբարեսիտայի Տիրամօր` ''Այդ սրբավայրին մէջ ծունկի եկայ աղօթելու համայն մարդկութեան համար եւ յատկապէս բոլոր պրազիլցիներուն համար։ Ս. Կոյս Մարիամէն խնդրեցի որ ձեր մէջ զօրացնէ քրիստոնէական հաւատքը, որ մաս կը կազմէ Պրազիլի ազնուական հոգիին, ներառեալ շատ մը ուրիշ երկիրներուն, որ է ձեր մշակոյթին գանձարանը, քաջալերանքը եւ ույժը կերտելու նոր մարդկութիւն մը հիմնուած համերաշխութեան եւ ներդաշնակութեան վրայ''- ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու ճառը եզրափակեց խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար որովհետեւ - յարեց Ան - ''Այս քահանայապետը պէտք ունի ձեր բոլորին աղօթքին''։ Աստուած Ձեզ Օրհնէ բոլորիդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.